‘Քու սիրտդ թող չխոտորի’
Եհովային չափանիշները կրնան մեզ պաշտպանել։ Բայց որպէսզի անոնցմէ օգտուինք, պէտք է որ անոնք սրտանց արժեւորենք (Առ. 7։3)։ Երբ Եհովային ծառան թոյլ կու տայ որ իր սիրտը խոտորի, ան Սատանային խաբեբայ հնարքներուն դիմաց անպաշտպան կը դառնայ։ Առակաց 7–ն կը նկարագրէ երիտասարդ մը, որ թոյլ տուաւ որ իր սիրտը զինք խաբէ։ Իր սխալներէն ի՞նչ կը սորվինք։
-
Սատանան կը փորձէ մեզ Եհովայէն հեռացնել, գործածելով մեր հինգ զգայարանքները, որպէսզի մեզ մղէ յանցագործութիւն ընելու
-
Իմաստութիւնն ու հասկացողութիւնը մեզի պիտի օգնեն, որ ըմբռնենք յանցագործութեան քանդիչ արդիւնքները եւ անկէ հեռու կենանք