Իմաստութիւնը ոսկիէն աղէկ է
Աստուածային իմաստութիւնը ինչո՞ւ այսքան արժէքաւոր է։ Որովհետեւ անիկա մարդիկը գէշ ճամբաներէ կ’ազատէ եւ զանոնք կ’ապրեցնէ, նաեւ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ անոնց տրամադրութեան, խօսակցութեան եւ արարքներուն վրայ։
Իմաստութիւնը հպարտութենէ կը պաշտպանէ
-
Իմաստուն անհատը կը գիտակցի որ Եհովան ամէն իմաստութեան Աղբիւրն է
-
Անոնք՝ որոնք յաջողութիւն ձեռք կը ձգեն կամ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կը ստանան, մասնաւորապէս պէտք է զգուշանան հպարտութենէ եւ ամբարտաւանութենէ
Իմաստութիւնը շինիչ խօսելակերպ կը յառաջացնէ
-
Իմաստուն անհատը խորատեսութիւն գործածելով կը փորձէ ուրիշներուն լաւ յատկութիւնները տեսնել եւ անոնց մասին դրական կերպով կը խօսի
-
Իմաստուն խօսքերը գրաւիչ են եւ մեղրի նման քաղցր, եւ ո՛չ թէ՝ կոշտ կամ յարձակողական