Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ինչպէ՛ս լաւ պատասխաններ տալ

Ինչպէ՛ս լաւ պատասխաններ տալ

Լաւ պատասխանները ժողովքը կը շինեն (Հռով. 14։19)։ Պատասխանողներն ալ կ’օգտուին (Առ. 15։23, 28)։ Անոր համար, պէտք է փորձենք առնուազն մէկ պատասխան տալ իւրաքանչիւր ժողովի։ Անշուշտ պատասխանելու կարգը մեզի պիտի չտրուի ամէն անգամ որ մեր ձեռքը բարձրացնենք։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ քանի մը պատասխան պատրաստենք։

Լաւ պատասխանը. . .

  • պարզ, յստակ եւ կարճ կ’ըլլայ։ Ընդհանրապէս 30 երկվայրկեան կամ աւելի նուազ կը տեւէ

  • քու բառերովդ կ’ըլլայ

  • նախորդ պատասխանին անհարկի կրկնումը չէ

Եթէ առաջին պատասխանողը դուն ես. . .

  • տուր պարզ եւ ուղղակի պատասխան մը

Եթէ ուրիշ մէկը արդէն հարցումին պատասխանեց, կրնաս. . .

  • ցոյց տալ, թէ մէջբերուած համար մը ինչպէ՛ս կը կիրարկուի քննարկուած նիւթին

  • նշել, թէ նիւթը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր կեանքին

  • բացատրել, թէ տեղեկութիւնը ինչպէ՛ս կարելի է գործածել ուրիշներուն օգնելու

  • հակիրճ կերպով պատմել փորձառութիւն մը, որ գլխաւոր կէտը կը շեշտէ