Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԱՌԱԿԱՑ 1-6

«Բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ»

«Բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ»

Եհովան մեր լման վստահութեան արժանի է։ Իր անունին իմաստը մեզի կը վստահեցնէ, որ ան կրնայ իր բոլոր խոստումները կատարել։ Աղօթելը իրեն հանդէպ վստահութիւն կերտելու կարեւոր մէկ քայլն է։ Առակաց 3–ը մեզի կը վստահեցնէ, որ Եհովան իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը պիտի օրհնէ՝ ‘մեր շաւիղները ուղղելով’։

Ան որ ինքնիր աչքին իմաստուն է. . .

3։5-7

  • որոշումներ կ’առնէ առանց Եհովային ուղղութիւնը խնդրելու

  • իր մտածելակերպին կամ աշխարհի մտածելակերպին կը վստահի

Ան որ Եհովային կը վստահի. . .

  • անոր հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն կը մշակէ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, խոկալու եւ աղօթքի միջոցաւ

  • որոշումներ կայացնելու ատեն անոր առաջնորդութիւնը կը փնտռէ՝ Աստուածաշունչէն պրպտումներ ընելով

Ո՞Ր ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՈՐՈՇՈՒՄ Կ’ԱՌՆԵՄ

ՆԱԽ։ Կ’ընտրեմ ինչ որ կը կարծեմ թէ ամէնէն իմաստուն որոշումն է

ՆԱԽ։ Եհովային ուղղութիւնը կը խնդրեմ աղօթքի եւ անձնական ուսումնասիրութեան միջոցաւ

ԵՏՔԸ։ Եհովայէն կը խնդրեմ որ որոշումս օրհնէ

ԵՏՔԸ։ Կ’ընտրեմ ընթացք մը, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ է