Հոկտեմբեր 31–Նոյեմբեր 6
ԱՌԱԿԱՑ 22-26
Երգ 88 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը» (10 վրկ.)
Առ. 22։6. 23։24, 25։ Աստուածային կրթութիւնը երեխաներուն լաւագոյն առիթը կու տայ ուրախ, գոհունակ եւ պատասխանատու չափահասներ ըլլալու (w08 4/1 էջ 16. w07 6/1 էջ 31)
Առ. 22։15. 23։13, 14։ Ընտանիքէն ներս «գաւազանը» կը խորհրդանշէ ամէն տեսակ կրթութիւն (w97 10/15 էջ 32. it-2 էջ 818 պարբ. 4)
Առ. 23։22։ Չափահաս զաւակներ կրնան իրենց ծնողներուն իմաստութենէն օգտուիլ (w04 6/15 էջ 14 պարբ. 1-3. դ00 6/15 էջ 21 պարբ. 13)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Առ. 24։16։ Այս առակը ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերէ որ կեանքի մրցավազքին մէջ տոկանք (դ13 3/15 էջ 4-5 պարբ. 5-8)։
Առ. 24։27։ Այս առակը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք (դ09 10/1 էջ 10 պարբ. 1)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ո՞ր կէտերը կրնամ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Առ. 22։1-21 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Առաջին հանդիպում (2 վրկ. կամ նուազ)։ JW.ORG կայքի քարտ։ Անպաշտօն վկայութիւն։
Վերայցելութիւն (4 վրկ. կամ նուազ)։ JW.ORG կայքի քարտ։ Յաջորդ վերայցելութեան ճամբայ հարթէ եւ եզրափակէ ներկայացնելով Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզը։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն (6 վրկ. կամ նուազ)։ Աստուծոյ սէրը էջ 179-181 պարբ. 18-19։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
JW.ORG կայքի քարտերը կը գործածե՞ս (15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Դիտել տուր այս նիւթին առնչուող ներկայացումի նմոյշին տեսաերիզը եւ ապա քննարկէ գլխաւոր կէտերը։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ ամէն ատեն իրենց հետ ունենան քանի մը կայքի քարտ։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.)։ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ գլ. 3 պարբ. 1-12 եւ «Մաս 1. Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը. Հոգեւոր սնունդ հայթայթել»։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 146 եւ աղօթք
Յիշեցում. Հաճեցէք նախ երաժշտութիւնը մտիկ ընել, ապա ժողովքը թող երգէ նոր երգը։