ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎԷԼ 1-3
«Ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան»
Օծեալ քրիստոնեաները մարգարէանալու գործին կը մասնակցին։ Անոնք «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» կը խօսին եւ ‘Արքայութեան աւետարանը’ կը ծանուցանեն (Գործք 2։11, 17-21. Մատ. 24։14)։ Ուրիշ ոչխարները այս գործին թիկունք կը կանգնին, անոր մասնակցելով։
Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Տէրոջը անունը կանչել’։
-
Անունը ճանչնալ
-
Անունը յարգել
-
Անունը կրողին ապաւինիլ եւ անոր վստահիլ
Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ օծեալներուն թիկունք կանգնիլ իրենց մարգարէանալու գործին մէջ’։