Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ճանչցուած են իրենց սիրով. Ճշմարտութեան համար ուրախացէք

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ճանչցուած են իրենց սիրով. Ճշմարտութեան համար ուրախացէք

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Յիսուսը ընդօրինակելով պէտք է որ ճշմարտութեան մասին վկայենք Աստուծոյ նպատակներուն նկատմամբ (Յովհ. 18։37)։ Պէտք է նաեւ ճշմարտութեան համար ուրախանանք, ճշմարտութիւնը խօսինք եւ ճշմարիտ բաներու մասին մտածենք, հակառակ անոր որ կ’ապրինք ստախօսութեամբ եւ անարդարութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ (Ա. Կոր. 13։6, ՆԱ. Փլպ. 4։8

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒՐԱԽԱՆԱԼ։

  • Վճռէ բամբասանք մտիկ չընել կամ չտարածել (Ա. Թես. 4։11

  • Ուրիշին ձախորդութեան վրայ մի՛ ուրախանար։

  • Ուրախացիր դրական, քաջալերական բաներու համար։

ԴԻՏԷ «ԻՐԱՐՈՒ ՎՐԱՅ ՍԷՐ ՈՒՆԵՑԷՔ». ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՄԻ՛ ՈՒՐԱԽԱՆԱՔ, ՀԱՊԱ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒՐԱԽԱՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։

  • Սէրլին ի՞նչ առումով ‘անարդարութեան վրայ ուրախացաւ’։

  • Ալիսը ինչպէ՞ս Սէրլիին հետ իր խօսակցութիւնը դրական դարձուց։

  • Ի՞նչ կարգ մը դրական բաներու մասին կրնանք խօսիլ։

Անարդարութեան վրայ մի՛ ուրախանաք, հապա ճշմարտութեան համար ուրախացէք