Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵԼԻՑ 33-34

Եհովային սիրալիր յատկութիւնները

Եհովային սիրալիր յատկութիւնները

34։5-7

Եհովային յատկութիւնները գիտնալը Մովսէսին օգնեց, որ համբերութեամբ վարուի իսրայէլացիներուն հետ։ Մենք ալ, եթէ Եհովային յատկութիւնները աւելի լաւ հասկնանք, կրնանք ողորմութեամբ վարուիլ մեր հաւատակիցներուն հետ։

  • «Ողորմած ու բարերար». Եհովան կարեկցութեամբ, սիրով եւ խոր հետաքրքրութեամբ հոգ կը տանի իր ծառաներուն, ճիշդ ինչպէս որ ծնողները հոգ կը տանին իրենց զաւակներուն։

  • «Երկայնամիտ». Եհովան համբերութեամբ կը վարուի իր ծառաներուն հետ եւ անոնց ժամանակ կու տայ որ փոխուին։

  • «Առատ՝ ողորմութիւնով». Եհովան հաւատարիմ սէր ունի իր ծառաներուն հանդէպ, եւ ասիկա կը ձգէ որ շատ զօրաւոր կապ ունենայ անոնց հետ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովային ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը ընդօրինակել’։