ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ արժեւորէ
Որպէս Եհովայի վկաներ, մենք յատուկ առանձնաշնորհում մը ունինք։ Մեր Գերիշխան Տէր Եհովային նուիրուած եւ մկրտուած ըլլալով, կը շարունակենք խոր փոխյարաբերութիւն մը մշակել իրեն հետ։ Ան մեզի իրեն քաշած է իր Որդիին միջոցաւ (Յովհ. 6։44)։ Ան մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ (Սաղ. 34։15)։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային հետ մեր արժէքաւոր փոխյարաբերութիւնը պաշտպանել։ Նախ, պէտք չէ իսրայէլացիներուն մեղաւոր ընթացքը բռնենք։ Եհովային հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ մտնելէ քիչ ժամանակ ետք, իսրայէլացիները ոսկիէ հորթ մը շինեցին եւ կռապաշտութիւն գործեցին (Ել. 32։7, 8. Ա. Կոր. 10։7, 11, 14)։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Երբ փորձութեան առջեւ ըլլամ, ի՞նչ կ’ընեմ։ Գործերով կը ցուցնե՞մ որ Եհովային հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնս կ’արժեւորեմ’։ Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր ունեցած խոր սէրը մեզի պիտի օգնէ, որ իր ատած բաներէն փախչինք (Սաղ. 97։10)։
ԴԻՏԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ՊԱՇՏՊԱՆԷ (ԿՈՂ. 3։5) ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ագահութիւնը ի՞նչ է։
-
Ինչո՞ւ պէտք է մերժենք ագահութիւնը եւ կռապաշտութիւնը։
-
Ի՞նչ կապ կայ շնութեան եւ կռապաշտութեան միջեւ։
-
Ինչո՞ւ մանաւանդ հոգեւոր պատասխանատուութիւններ ունեցողները պէտք է վստահ ըլլան, որ իրենց կողակիցին պէտքերուն հոգ կը տանին։