ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ
Գլխաւոր կէտերը օրինակներով յստակացուր
Երբ վերայցելութիւն կ’ընենք կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարենք, պէտք է մեզի մտիկ ընողներուն օգնենք, որ գլխաւոր կէտերը հասկնան։ Եթէ օրինակներ տանք, կրնանք անոնց սրտին հասնիլ եւ օգնել որ իրենց սորվածները յիշեն։
Մինչ վերայցելութեան մը կամ ուսումնասիրութեան մը համար կը պատրաստուիս, զատէ այն գլխաւոր կէտերը որոնց մասին կ’ուզես օրինակ տալ։ Մանրամասնութիւնները մի՛ զատեր։ Ետքը առօրեայ կեանքէ առնուած օրինակներ ընտրէ (Մատ. 5։14-16. Մար. 2։21. Ղուկ. 14։7-11)։ Քեզի մտիկ ընողին ենթահողը եւ հետաքրքրութիւնները նկատի առ (Ղուկ. 5։2-11. Յովհ. 4։7-15)։ Շատ ուրախ պիտի զգաս, երբ տեսնես որ անոր աչքերը ինչպէ՛ս կը փայլին, քանի որ կէտ մը հասկցաւ։
ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐԸ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Աշակերտները թերեւս ինչո՞ւ օգնութեան պէտք ունենան, որպէսզի համարները հասկնան։
-
Նիդան Հռովմայեցիս 5։12–ին խօսքը ի՞նչ օրինակով մը բացատրեց։
-
Լաւ օրինակները ինչպէ՞ս կրնան ազդել մեզի մտիկ ընողներուն։
-
Ինչո՞ւ պէտք է ծառայութեան մէջ գործածենք Եհովայի կազմակերպութեան վիտէօները եւ ուրիշ ուսուցանելու գործիքներ։