Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Եհովան սէրէ՛ մղուած կը կրթէ մեզ

Եհովան սէրէ՛ մղուած կը կրթէ մեզ

Ընդհանրապէս, կրթութիւնը կը տրուի դաստիարակելով եւ ցուցմունքներ տալով։ Բայց ատոր մէջ կայ նաեւ սրբագրել եւ պատժել։ Եհովան մեզ կը կրթէ, որպէսզի կարենանք իր ընդունած կերպով պաշտել զինք (Հռով. 12։1. Եբ. 12։10, 11)։ Ատեններ դժուար կ’ըլլայ կրթութիւնը ընդունիլը, բայց եթէ ընդունինք, Եհովային աչքին արդար կեցուածք մը պիտի ունենանք եւ իր օրհնութիւնները վայելենք (Առ. 10։7)։ Լաւ, թէ՛ կրթութիւն տուողները եւ թէ զայն ստացողները ի՛նչ բաներ պէտք է իրենց միտքը պահեն։

Տուողը։ Երէցները, ծնողները եւ ուրիշներ ամէն ջանք կ’ընեն, որ ազնուութեամբ ու սիրով կրթութիւն տան, ինչպէս որ Եհովան կ’ընէ (Եր. 46։28)։ Նոյնիսկ զօրաւոր կրթութիւնը պէտք է չափաւոր եւ սէրէ մղուած ըլլայ (Տիտ. 1։13

Ստացողը։ Կրթութիւնը ի՛նչ կերպով ալ տրուի, պէտք է զայն ընդունինք եւ փորձենք շուտով գործադրել (Առ. 3։11, 12)։ Քանի որ մենք անկատար ենք, բոլորս կրթութեան պէտք ունինք, եւ կրթութիւնը տարբեր կերպերով կ’ըլլայ։ Թերեւս Սուրբ Գիրքին մէջ մեր կարդացածը մեզ կրթէ, կամ ալ՝ ժողովին ընթացքին մեր լսած մէկ բանը։ Ատեններ, ոմանք դատական յանձնախումբի մը կրթութեան պէտք կ’ունենան։ Եթէ մեզի տրուած կրթութիւնը գործադրենք, յաւիտենական կեանքը պիտի ստանանք (Առ. 10։17

ԴԻՏԷ «ՏԷՐԸ ԻՐ ՍԻՐԱԾԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ» ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Քէնըն ինչպէ՞ս էր իր պզտիկութեան, իսկ ետքը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։

  • Եհովան ի՞նչ սիրալիր կրթութիւն տուաւ իրեն։

  • Սորվէ Եհովային տուած կրթութիւնը սիրել

    Այս փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։