ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Վերջին օրերուն» վերջին ժամերուն ընթացքին պատրաստ եղիր
Մենք կ’ակնկալենք որ այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին նեղութիւնները երթալէն շատնան (Բ. Տիմ. 3։1. nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 24։8։ «ցաւերուն»)։ Երբ աղէտ մը պատահի, Եհովային ժողովուրդը կը ստանայ տեղին եւ կեանք–ազատող ուղղութիւններ։ Կրնայ ըլլալ որ աղէտի ատեն ազատելու համար պէտք է հիմակուընէ պատրաստուինք, թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ ֆիզիքապէս (Ղուկ. 16։10)։
-
Հոգեւորապէս պատրաստուէ։ Հոգեւոր լաւ ռութին մը ունեցիր։ Քարոզելու տարբեր կերպեր սորվէ։ Իրար մի՛ անցնիր եթէ ժամանակաւորապէս հեռու ըլլաս եղբայրներէն (Եսա. 30։15)։ Բան մը չկայ որ կրնայ քեզ հեռացնել Եհովայէն եւ Յիսուսէն (od 176 ¶15-17)։
-
Ֆիզիքապէս պատրաստուէ։ Անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ մը ունեցիր։ Ասկէ զատ, ամէն ընտանիք պէտք է բաւարար չափով ուտելիք, ջուր, դեղեր եւ ուրիշ բաներ ապահոված ըլլայ, եթէ հակառակ պարագայի պէտք ըլլայ որ երկար ժամանակ տունէն դուրս չելլէ (Առ. 22։3. g17.5 4, 6)։
ԴԻՏԷ ԲՆԱԿԱՆ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստուիլ բնական աղէտի մը։
-
Ինչո՞ւ կարեւոր է որ. . .
-
երէցներուն հետ կապի մէջ մնանք։
-
անակնկալ պարագաներու համար պայուսակ մը պատրաստենք։
-
նկատի առնենք թէ ի՛նչ աղէտներ կրնան պատահիլ եւ ամէն մէկ պարագային ի՛նչ պէտք է որ ընենք։
-
-
Ի՞նչ երեք կերպերով կրնանք ուրիշներուն օգնել, երբ աղէտ մը պատահի։
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն ի՞նչ դասեր կրնամ սորվիլ պատրաստ ըլլալու մասին’։