Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Խանդավառութեամբ սորվեցուր

Խանդավառութեամբ սորվեցուր

Խանդավառութիւնը փոխանցիկ է։ Եթէ խանդավառ ըլլանք, կրնանք դիմացինին ուշադրութիւնը գրաւել եւ ցուցնել որ կ’արժեւորենք մեր պատգամը։ Մենք կրնանք խանդավառ ըլլալ, ի՛նչ ալ ըլլայ մեր մշակոյթը կամ բնաւորութիւնը (Հռով. 12։11)։ Ինչպէ՞ս։

Առաջին, մտածէ թէ պատգամդ որքա՛ն կարեւոր է։ Դուն առանձնաշնորհումը ունիս «բարի բաներու աւետիս» տալու (Հռով. 10։15)։ Երկրորդ, մտածէ թէ բարի լուրը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի մտիկ ընողներուն կեանքը դէպի լաւ փոխել։ Անոնք պէ՛տք ունին ըսածներդ լսելու (Հռով. 10։13, 14)։ Երրորդ, նախանձախնդրութեամբ խօսէ եւ բնական շարժումներ եւ դէմքի արտայայտութիւններ ըրէ։

ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Նիդան ինչո՞ւ իր խանդավառութիւնը կորսնցուց Ճէյտին ուսումնասիրութեան նկատմամբ։

  • Ի՞նչը Նիդային օգնեց որ ետ խանդավառ ըլլայ։

  • Խանդավառութիւնը փոխանցիկ է

    Ինչո՞ւ պէտք է մեզի մտիկ ընողներուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք։

  • Մեր խանդավառութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ ուրիշներուն։