ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Քաղաքային խռովութեան պատրա՞ստ ես
Մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, մենք կ’ակնկալենք որ աւելի խռովութիւններ, ահաբեկչական յարձակումներ եւ պատերազմներ ըլլան (Յայտ. 6։4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստուիլ այսպիսի ապագայ դժուարութիւններու։
-
Հոգեւորապէս պատրաստուէ. Տես թէ Սուրբ Գիրքի ո՛ր սկզբունքները եւ պատմութիւնները վստահութիւնդ կը զօրացնեն Եհովային ու իր կազմակերպութեան հանդէպ եւ քեզի կ’օգնեն քաղաքականութեան չմասնակցելու (Առ. 12։5. jr 125-126 ¶23-24)։ Հիմա՛ է ժամանակը ժողովքին մէջ մօտիկ բարեկամներ ունենալու (Ա. Պետ. 4։7, 8)։
-
Ֆիզիքապէս պատրաստուէ. Ծրագրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ապահով մնալ, եթէ երկար ժամանակ չես կրնար տունէն դուրս ելլել։ Բաւարար չափով ուտելիք, ջուր եւ դեղեր ապահովէ։ Ծրագրէ թէ ի՛նչ պէտք է ընես, եթէ ստիպուիս տունէդ դուրս ելլել։ Անակնկալ պարագաներու համար պատրաստած պայուսակդ ստուգէ եւ մէջը դիր ձեռնոցներ, դիմակներ եւ ինքզինք պաշտպանելու ուրիշ բաներ։ Գիտցիր ինչպէ՛ս կրնաս երէցներուն հետ կապ պահել եւ իրենց ըսէ ինչպէ՛ս իրենք կրնան հետդ կապ պահել (Եսա. 32։2. g17.5 3-7)։
Խռովութիւններու ժամանակ հոգեւոր ռութինդ պահէ (Փլպ. 1։10)։ Տեղէ–տեղ մի՛ փոխադրուիր, բացի եթէ ստիպուած ես (Մատ. 10։16)։ Ուրիշներուն ալ տուր քու ապահոված ուտելիքներէդ եւ ապրանքներէդ (Հռով. 12։13)։
ԴԻՏԷ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՍ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ աղէտներու ժամանակ։
-
Ի՞նչ գործնական բաներ կրնանք ընել պատրաստուելու համար։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել անձերու, որոնք աղէտներէ ազդուած են։