Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Հիմա տեղի ունեցող դէպքեր գործածէ ծառայութեանդ մէջ

Հիմա տեղի ունեցող դէպքեր գործածէ ծառայութեանդ մէջ

Յիսուս այն ատեն տեղի ունեցող դէպքեր գործածեց ծառայութեան մէջ, որպէսզի դասեր սորվեցնէ (Ղուկ. 13։1-5)։ Դուն ալ կրնաս նոյնը ընել, որպէսզի ձգես որ մարդիկ բարի լուրով հետաքրքրուին։ Տանտէրին յիշելէ ետք դրամական նեղութեան, աղէտի մը, քաղաքային խռովութեան, թմրեցուցիչի մոլութեան կամ այսպիսի բաներու մասին, միտք–գրգռող հարցում մը հարցուր իրեն։ Կրնաս հարցնել. «Կը կարծե՞ս որ օր մը օրանց պիտի ազատինք այսինչ բանէն» կամ «Ի՞նչը կը կարծես այսինչին լուծումն է»։ Ետքը, նիւթին համաձայն համար մը բաց։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն վիտէօ մը կամ հրատարակութիւն մը ցուցուր իրեն։ Մինչ կը փորձենք մեր թաղամասի մարդոց սիրտին դպչիլ, թող որ ամէն բան «աւետարանին համար ընենք» (Ա. Կոր. 9։22, 23

Քու թաղամասիդ մէջ, մարդիկ ի՞նչ նիւթերով հետաքրքրուած են։