Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ցանկութիւններդ զսպէ

Ցանկութիւններդ զսպէ

Մենք անկատար ենք, անոր համար միշտ պէտք է ջանք թափենք որ մեր ցանկութիւնները զսպենք։ Եթէ մեր խելքին փչածը ընենք, կրնանք Եհովան նեղացնել։ Օրինակ, կարգ մը մարդիկ ուտելիք, հագուելիք եւ տուն ունենալը՝ Եհովայէն աւելի կը սիրեն։ Ուրիշներ իրենց սեռային ցանկութիւնները Եհովային չուզած կերպերով կը գոհացնեն (Հռով. 1։26, 27)։ Իսկ ոմանք ալ կ’ուզեն ուրիշներուն ուզածը ընել, միայն որպէսզի անոնց կողմէ սիրուին եւ ընդունուին (Ել. 23։2

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ցանկութիւնները զսպել։ Պէտք է ամէն ինչ ընենք որ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանանք (Մատ. 4։4)։ Ասկէ զատ, պէտք է Եհովային աղաչենք, որ մեզի օգնէ մեր ցանկութիւնները զսպելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան մեր բարիքը կը փնտռէ եւ գիտէ ինչպէ՛ս մեր ցանկութիւնները գոհացնել (Սաղ. 145։16

ԴԻՏԷ ԿԵԱՆՔԴ ՄԻ՛ ԱՅՐԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Կարգ մը մարդիկ ինչո՞ւ կը ծխեն։

  • Ծխելը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել քու վրադ։

  • Ծխելը ինչո՞ւ սխալ է, ըլլայ պարզ ծխախոտը կամ ելեկտրոնային ծխախոտը։

  • Կրնա՛ս ծխելու ցանկութիւնդ զսպել

    Ինչպէ՞ս կրնաս մերժել ծխել կամ նոյնիսկ ծխելու մոլութիւնդ կեցնել։