Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը գործածէ, որ ուրիշին հաւատքը զօրացնես Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը գործածէ, որ ուրիշին հաւատքը զօրացնես Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ

Մեր դասերը պէտք է զօրաւոր հաւատք ունենան, որպէսզի կարենան Աստուծոյ սիրտը ուրախացնել (Եբ. 11։6)։ Մենք կրնանք Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը գործածելով անոնց սրտին հասնիլ։ Այս գիրքին մէջ կան կարեւոր համարներ, տրամաբանական կէտեր, գործնական հարցումներ, սրտին ազդող վիտէօներ եւ անուշիկ նկարներ։ Երբ մեր դասերուն կ’օգնենք որ լաւ յատկութիւններ ունենան եւ Աստուծոյ մօտիկ ըլլան, կարծես թէ կրակին դէմ դնող բաներով շինած կ’ըլլանք իրենց հաւատքը (Ա. Կոր. 3։12-15

Կարգ մը անձերու համար դժուար է երեւակայել որ կրնան Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ, քանի որ չեն կրնար զինք տեսնել։ Անոր համար պէտք է որ իրենց օգնենք որ Աստուած ճանչնան եւ իրեն վստահին։

ԴԻՏԷ «ԿԵԱՆՔԸ ՎԱՅԵԼԷ ՅԱՒԻՏԵԱ՛Ն» ԳԻՐՔՈՎ ՈՒՐԻՇԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՈՒՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ քոյրը լաւ պատրաստած էր դասը։

  • Ան ինչպէ՞ս տեղին երկրորդական հարցումներ հարցուց, որպէսզի աշակերտուհին իր կարծիքը եւ զգացումները յայտնէ Եսայի 41։10, 13–ին նկատմամբ։

  • Վիտէոն եւ համարները ինչպէ՞ս ազդեցին աշակերտուհիին։

Շատեր փրկանքը չեն հասկնար կամ չեն զգար որ ատիկա ուղղակի իրենց տրուած նուէր մըն է Աստուծոյ կողմէ (Գաղ. 2։20)։ Ասոր համար, մենք պէտք է իրենց օգնենք, որ Յիսուսին փրկանքին հանդէպ հաւատքնին զօրացնեն։

ԴԻՏԷ «ԿԵԱՆՔԸ ՎԱՅԵԼԷ ՅԱՒԻՏԵԱ՛Ն» ԳԻՐՔՈՎ ՈՒՐԻՇԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՈՒՐ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ եղբայրը լաւ պատրաստած էր դասը։

  • Ան «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինը ինչպէ՞ս գործածեց, որ աշակերտին օգնէ։

  • Ինչո՞ւ կարեւոր է որ աշակերտին համար աղօթենք։