ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Դուն քեզի Եհովային ակնոցով նայէ
«Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի» (Սաղ. 149։4)։ Հակառակ անոր որ մենք անկատար ենք, Եհովան մեր լաւ կէտերը եւ կարողութիւնները կը տեսնէ։ Բայց ատեններ մենք մեր անձին նոյն աչքով չենք նայիր։ Թերեւս անարժէք կը զգանք, քանի որ ուրիշներ մեզի հետ լաւ չեն վարուիր։ Կամ ալ կը զգանք որ Եհովան չի կրնար մեզ սիրել, քանի որ անցեալին սխալներ ըրած ենք։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել այսպիսի պարագաներու։
Յիշէ որ Եհովան կրնայ տեսնել ինչ որ մարդիկ չեն կրնար տեսնել (Ա. Թագ. 16։7)։ Այսինքն, Եհովան կրնայ տեսնել ի՛նչ որ մենք անձամբ չենք կրնար տեսնել մեր անձին մէջ։ Ուրախ ենք որ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, որ Եհովան ի՛նչ աչքով կը նայի մեզի։ Հասկնալու համար կրնանք կարդալ այն համարները եւ պատմութիւնները, որոնք կը ցուցնեն որ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ մեզ։
ԴԻՏԷ ՔՈՒ ՍԻՐՏԴ ՀԱՄՈԶԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Վազողին եւ անոր հօր օրինակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ. Եհովան մեզի ի՞նչ աչքով կը նայի։
-
Եթէ անձ մը լուրջ մեղք մը գործէ եւ ետքը պէտք եղած քայլերը առնէ որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը շտկէ, ինչպէ՞ս կրնայ իր սիրտը հանգչեցնել։
-
Դաւիթին եւ Յովսափատին պատմութիւնները ինչպէ՞ս օգնեցին եղբօր, երբ ատոնց վրայ խոկաց։