ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովան ‘որբերուն հայրն է’
Ամէն տարի, շատ մը պատանիներ կ’որոշեն Եհովային ընկերը ըլլալ (Սաղ. 110։3)։ Եհովան ձեր ամէն մէկով շատ հետաքրքրուած է։ Ինք գիտէ ձեր ամէն մէկուն դժուարութիւնները եւ խօսք կու տայ որ ձեզի պիտի օգնէ որ իրեն ծառայէք։ Եթէ մէկ ծնողի հետ կ’ապրիս կամ ծնողներէդ միայն մէկը Եհովային կը ծառայէ, յիշէ որ «որբերուն հայրը. . . Աստուած է» (Սաղ. 68։5)։ Եհովային տուած մարզումը կրնայ քեզի օգնել որ յաջողիս, նոյնիսկ եթէ լաւ պայմաններու մէջ չես ապրիր (Ա. Պետ. 5։10)։
ԴԻՏԷ ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ ՅԱՂԹՈՂՆԵՐ. ՄԷԿ ԾՆՈՂԻ ԿՈՂՄԷ ԿՐԹՈՒՈՂ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Թէմիէն, Չարլզէն եւ Ճիմիէն ի՞նչ կը սորվիս։
-
Սաղմոս 27։10–ն ի՞նչ խոստում կու տայ անոնց, որոնք մէկ ծնողի կողմէ կը կրթուին ճշմարտութեան մէջ։