ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Դուն քեզ պաշտպանէ հաւատուրացներէն
Սատանան եւ իր հետեւորդները շատ անգամ սուտեր կը խառնեն ճշմարտութեան, որ մեր հաւատքը տկարացնեն (Բ. Կոր. 11։3)։ Օրինակ, ասորեստանցիները կէս ճշմարտութիւններու եւ ուղղակի սուտերու միջոցաւ, փորձեցին Եհովային ժողովուրդը յուսահատ դարձնել (Բ. Մն. 32։10-15)։ Նոյնպէս, այսօր հաւատուրացները նոյն մեթոտներուն կը դիմեն։ Լաւ, մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ Միտքդ ունեցիր որ անոնց խօսքերը եւ սորվեցուցածները թոյն են։ Ատոնք բնաւ մի՛ կարդար, անոնց բնաւ մի՛ պատասխաներ, ոչ ալ անոնց խօսքերը կրկնէ։ Շա՛տ արագ փորձէ նշմարել որեւէ տեղեկութիւն, որ այնպէս մը պատրաստուած է որ մէջդ կասկածներ արթնցնէ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ եւ ետքը մերժէ ատիկա կարդալ կամ ատոր մտիկ ընել (Յդ. 3, 4)։
ԴԻՏԷ ‘ՄՐՑԵՑԷՔ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՀԱՄԱՐ’. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլանք, երբ ինթըրնէթը կը գործածենք։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք Հռովմայեցիս 16։17–ի խրատին հետեւիլ։