ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի գիրքերու ձայնագրութիւնները մտիկ կ’ընե՞ս
Ի՞նչ են ատոնք։ Ատոնք վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան ձայնագրութիւններն են, որոնք կամաց–կամաց լոյս կը տեսնեն շատ մը լեզուներով։ Այս ձայնագրութիւններուն մէջ հետաքրքրականը այն է, որ ամէն մէկ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւն տարբեր անհատի մը ձայնով է, եւ բառերը ճիշդ շեշտով ու զգացումներով կարդացուած են, որ Աստուածաշունչին գլխաւոր գաղափարները ճշգրիտ կերպով փոխանցուին։
Ոմանք ինչպէ՞ս կ’օգտուին ձայնագրութիւններէն։ Շատեր՝ որոնք այս ձայնագրութիւնները կանոնաւորաբար մտիկ կ’ընեն, կը սիրեն թէ ատոնք ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքին կեանք կու տան։ Անոնք կ’ըսեն, թէ երբ ամէն մէկ անձնաւորութիւն տարբեր ձայնով լսեն, կը զգան որ կրնան դէպքերը աւելի՛ լաւ երեւակայել եւ գրուածը աւելի՛ լաւ հասկնալ (Առ. 4։5)։ Շատեր ալ կը զգան, որ Աստուածաշունչի ձայնագրութիւնները մտիկ ընելը զիրենք կը հանգստացնէ՝ երբ մտահոգ ըլլան (Սաղ. 94։19)։
Աստուծոյ Խօսքը բարձրաձայն լսելը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ մեր կեանքին վրայ (Բ. Մն. 34։19-21)։ Եթէ Աստուածաշունչի բոլոր կամ կարգ մը գիրքերու ձայնագրութիւնները կան քեզի հասկնալի լեզուով, կրնա՞ս ատոնց մտիկ ընելը հոգեւոր ռութինիդ մէկ մասը դարձնել։
ԴԻՏԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.
Ի՞նչը քեզի ազդեց՝ Աստուածաշունչի գիրքերու ձայնագրութիւններուն արտադրութեան մէջ։