ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Խօսակցութիւններ սկսելով ուրախացիր
Անպաշտօն խօսակցութիւնները վկայելու ամէնէն հաճելի եւ ազդու կերպերէն մէկն են։ Բայց թերեւս ջիղերու վրայ ըլլանք, երբ մտածենք թէ մարդոց հետ խօսակցելու ժամանակ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքէն գաղափար մը պիտի ըսենք։ Փոխանակ չափէ դուրս մտահոգուելու թէ ի՛նչ պիտի ըսես, մտածէ թէ անհատին ինչպէ՛ս կրնաս ցոյց տալ որ իր լաւութեամբ հետաքրքրուած ես (Մատ. 22։39. Փլպ. 2։4)։ Եթէ իրեն հետ խօսակցած ատենդ առիթը բացուի որ ճշմարտութեան մասին խօսիս, արդէն դուն բաւական գործիքներ ունիս, որոնցմէ կրնաս օգտուիլ։
Մարդոց հետ խօսակցած ատենդ, այս գործիքները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել որ վկայութիւն տաս։
ԴԻՏԷ ԵՐԿԱԹԸ ԵՐԿԱԹՈՎ ԿԸ ՍՐՈՒԻ. ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ.
Ո՞ր երեք քայլերը կրնան մեզի օգնել, որ մարդոց հետ խօսակցելու մէջ բարելաւուինք։