Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մայիս 27–⁠Յունիս 2

ՍԱՂՄՈՍ 42-44

Մայիս 27–⁠Յունիս 2

Երգ 117 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Աստուծոյ ուղղութիւնները գործադրէ

(10 վրկ.)

Եհովան ուրիշներուն հետ պաշտէ, եթէ կարելի է՝ երես–երեսի (Սաղ. 42։4, 5. դ06 6/1 19 ¶4)

Աստուծոյ Խօսքը սերտելէ առաջ՝ աղօթէ (Սաղ. 42։8. դ12-ԱՐ 1/15 15 ¶2)

Ձգէ որ Աստուածաշունչը կեանքդ ուղղէ ամէն բանի մէջ (Սաղ. 43։3)

Աստուծոյ ուղղութիւնները մեզ կը զօրացնեն, որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլենք եւ Եհովային յաւիտեան ծառայելու մեր խոստումը պահենք (Ա. Պետ. 5։10. դ16.09 5 ¶11-12

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 44։19. «Չագալներուն եղած տեղը» թերեւս ինչի՞ կ’ակնարկէ (խա-1-ԱՐ «Չագալ»

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(4 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ (մսա դաս 5 կէտ 5

5. Վերայցելել

(5 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ Անձը յաջորդ հանրային դասախօսութեան հրաւիրէ։ Ներկայացուր Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն (մսա դաս 7 կէտ 5

6. Դասախօսութիւն

(3 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 4։ Նիւթ՝ Ամէն մարդ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենայ (կս դաս 2

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 40

7. Գործի եւ ուսումի նկատմամբ իմաստուն որոշումներ առ

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Պատանիներ, կը մտածէ՞ք թէ ի՛նչ պիտի ընէք բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք։ Կրնայ ըլլալ որ ձեր մտքին մէջ դրած էք գործ մը, որ ձեզի պիտի օգնէ ռահվիրայ ըլլալու։ Կամ թերեւս կը մտածէք առնել յաւելեալ դասընթացքներ, որոնք կրնան ձեզի տալ ձիրքեր, վկայական կամ ալ գործի արտօնագիր մը, որ կարենաք այդ տեսակ գործ գտնել։ Ասիկա հետաքրքրական ժամանակ մըն է ձեզի համար։ Բայց, թերեւս զգաք որ շուարած էք թէ ինչ ընէք քանի որ ձեր առջեւ շատ հաւանականութիւններ կան, կամ ալ ճնշումի տակ էք որ ձեր որոշումը ամէնուն պիտի ուրախացնէ՞։ Ի՞նչը կրնայ ձեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնէք։

Կարդա՛ Մատթէոս 6։32, 33։ Ետքը ներկաներուն հարցուր.

  • Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր մտքին մէջ յստակ հոգեւոր նպատակակէտեր ունենանք, առա՛ջ որ կարեւոր որոշումներ առնենք գործի եւ ուսումի նկատմամբ։

  • Ծնողները ինչպէ՞ս իրենց զաւակներուն կ’օգնեն, որ Մատթէոս 6։32, 33–ը գործադրեն (Սաղ. 78։4-7

Ուշադիր եղիր որ դրամական կայուն վիճակ ունենալու կամ երեւելի մէկը դառնալու փափաքդ առնելիք որոշումներուդ չազդէ (Ա. Յովհ. 2։15, 17)։ Յիշէ որ շատ դրամ ունենալը դժուար կը դարձնէ որ մէկը Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունի (Ղուկ. 18։24-27)։ Հարստանալու ետեւէ ըլլալը կը դժուարացնէ զօրաւոր հաւատք ունենալը եւ Եհովան հաճեցնելը (Մատ. 6։24. Մար. 8։36

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ «Մի՛ վստահիք բաներու, որոնք ‘կ’իյնան’. Հարստութիւն»։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.

  • Առակաց 23։4, 5–ը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնես։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 19 եւ աղօթք