Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մայիս 6-12

ՍԱՂՄՈՍ 36-37

Մայիս 6-12

Երգ 119 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. «Չարերուն համար մի՛ նեղանար»

(10 վրկ.)

Չար մարդիկը մեզի ցաւ եւ չարչարանք կը պատճառեն (Սաղ. 36։1-4. դ17.04 10 ¶4)

«Չարերուն» հանդէպ բարկացած մնալն ալ մեզի կը վնասէ (Սաղ. 37։1, 7, 8. դ22.06 10 ¶10)

Եհովային խոստումներուն վստահիլը մեզի խաղաղութիւն կու տայ (Սաղ. 37։10, 11. դ03 12/1 25 ¶20)

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Արդեօք շատ կը դիտե՞մ լուրեր, որոնց մէջ վայրագ տեսարաններ կ’անցնին’։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Սաղ. 36։6. Սաղմոս գրողը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ Եհովային արդարութիւնը «հզօր լեռներու պէս է» (խա-2-ԱՐ «Լեռ»

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ (մսա դաս 1 կէտ 5

5. Վերայցելել

(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ անձի մը, որ անցեալին մերժած էր սերտել (մսա դաս 9 կէտ 4

6. Դասախօսութիւն

(5 վրկ.) կահբ 45-ԱՐ։ Նիւթ՝ Սաղմոս 37։4–ին իմաստը ի՞նչ է (կս դաս 13

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 38

7. «Նեղութեան ժամանակներ»ու պատրա՞ստ ես

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Այսօր, բնական եւ մարդակերտ աղէտներու պատճառով, ամբողջ աշխարհին մէջ, մեր եղբայրները եւ քոյրերը կորսնցուցած են թէ՛ նիւթական բաներ եւ թէ իրենց սիրելիները (Սաղ. 9։9, 10)։ Ցաւօք սրտի, կրնայ ըլլալ որ մենք ալ «նեղութեան ժամանակներ»է անցնինք, անոր համար պէտք է պատրաստ ըլլանք։

Գործնական գետնի վրայ պատրաստուելէ զատ a, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ աղէտի մը հետ գլուխ ելլենք։

  • Մտային գետնի վրայ պատրաստ եղիր։ Ընդունէ որ աղէտներ կը պատահին, եւ նկատի առ թէ ի՛նչ կրնաս ընել, երբ որոշ աղէտ մը պատահի։ Չափէ դուրս մի՛ կապուիր ունեցած–չունեցածիդ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ իմաստուն կերպով վարուիս եւ կեդրոնանաս քու եւ ուրիշին կեանքը ազատելու վրայ, քան թէ՝ նիւթական բաներդ ազատելու վրայ (Ծն. 19։16. Սաղ. 36։9)։ Ասկէ զատ, եթէ չափէ դուրս չես կապուած քու ունեցած–չունեցածիդ, քեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ, որ աղէտի մը ժամանակ ատոնք կորսնցնելուն հետ գլուխ ելլես (Սաղ. 37։19

  • Հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստ եղիր։ Վստահ եղիր որ Եհովան կարո՛ղ է եւ կը փափաքի՛ քեզի հոգ տանիլ (Սաղ. 37։18)։ Աղէտէ մը առաջ, միշտ դուն քեզի յիշեցուր որ Եհովան իր ծառաները պիտի առաջնորդէ եւ օգնէ, նոյնիսկ եթէ միայն մեր կեանքը ազատենք «աւարի մը պէս» (Եր. 45։5. Սաղ. 37։23, 24

Երբ մեր միտքը պահենք որ Եհովան իր խոստումները պիտի կատարէ, ‘նեղութեան ժամանակ զինք մեր ապաւէնը կը դարձնենք’ (Սաղ. 37։39

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ Աղէտի մը պատրա՞ստ ես։ Ետքը ներկաներուն հարցուր.

  • Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել աղէտի մը ժամանակ։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել որ պատրաստ ըլլանք։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել աղէտներէ տուժածներուն։

8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 44 եւ աղօթք