Ո՞վ հիւր պիտի ըլլայ Եհովայի վրանին մէջ
Եհովայի վրանին մէջ կենալը կամ հիւր ըլլալը կը նշանակէ, թէ անհատը Աստուծոյ բարեկամն է,– ան որ Իրեն կը վստահի եւ կը հնազանդի։ Սաղմոս 15–ը կը նկարագրէ թէ Եհովան բարեկամի մը մէջ ի՛նչ կը փնտռէ։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԻՒՐԸ ՊԷՏՔ Է. . .
-
ուղղամիտ ըլլայ
-
ճշմարտութիւնը խօսի, նոյնիսկ իր սրտին մէջ
-
Եհովային միւս ծառաները պատուէ
-
իր խօսքին տէրը ըլլայ, նոյնիսկ երբ այդ մէկը ընելը դժուար ըլլայ
-
կարիքաւորներուն օգնէ առանց փոխարէնը բան մը ակնկալելու
ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԻՒՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ. . .
-
բամբասել եւ զրպարտել
-
իր դրացիին գէշութիւն ընել
-
քրիստոնեայ եղբայրները օգտագործել
-
ընկերակցիլ Եհովային չծառայողներուն եւ չհնազանդողներուն հետ
-
կաշառք առնել