ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
JW Library–ն գործածելու կերպեր
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ։
-
Աստուածաշունչը եւ օրուան համարը կարդա՛
-
Տարեգիրք–ը, պարբերաթերթերը եւ այլ հրատարակութիւններ կարդա՛։ Գործածէ էջանիշ երեսակը (bookmark)
-
Ժողովները պատրաստէ եւ պատասխանները ընդգծէ
-
Տեսաերիզներ դիտէ
ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։
-
Դասախօսին ակնարկած համարները բաց։ Պատմութիւն երեսակը (history) գործածէ համարներուն վերադառնալու համար
-
Փոխանակ քանի մը հրատարակութիւններ քեզի հետ ժողովի տանելու, սարքդ գործածէ ժողովին տարբեր մասերուն հետեւելու եւ երգերը երգելու համար։ JW Library–ն ունի նոր երգեր, որոնք տակաւին երգարանին մէջ չկան
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։
-
Հետաքրքրուած անհատի մը բան մը ցոյց տուր JW Library–էն, եւ ապա իրեն օգնէ որ այդ app–ը եւ հրատարակութիւններ բեռնէ իր սարքին մէջ
-
Փնտռել երեսակը գործածէ համար մը գտնելու համար
-
Տեսաերիզ մը ցոյց տուր։ Եթէ տանտէրը զաւակներ ունի, կրնաս իրեն դիտել տալ Եհովային ընկերը եղիր տեսաերիզներէն մէկը։ Կամ կրնաս ցոյց տալ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզը, որպէսզի Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու փափաքը արթնցնես իր մէջ։ Եթէ անհատ մը օտար է, իր լեզուով տեսաերիզ մը ցոյց տուր իրեն
-
Անհատի մը ցոյց տուր համար մը ուրիշ լեզուով, գործածելով թարգմանութիւն մը որ նախապէս բեռնած ես։ Համարը բաց, անոր թիւը կտտացուր եւ ապա զուգահեռ թարգմանութիւններ կոճակը կտտացուր