Մայիս 2-8
ՅՈԲ 38-42
Երգ 63 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Ուրիշներուն համար աղօթելը Եհովան կը հաճեցնէ» (10 վրկ.)
Յոբ 42։7, 8։ Եհովան Յոբէն ակնկալեց որ Եղիփազի, Բաղդատի եւ Սոփարի համար աղօթէ (դ13 6/15 էջ 21 պարբ. 17. w98 5/1 էջ 30 պարբ. 3-6)
Յոբ 42։10։ Եհովան Յոբը ապաքինեց, երբ ան անոնց համար աղօթեց (w98 5/1 էջ 31 պարբ. 3)
Յոբ 42։10-17։ Եհովան մեծապէս օրհնեց Յոբը անոր հաւատքին եւ համբերութեան համար (դ95 3/1 էջ 26 պարբ. 19-20)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Յոբ 38։4-7։ Որո՞նք են «առաւօտեան աստղերը» եւ իրենց մասին ի՞նչ գիտենք (Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ էջ 97 պարբ. 3)։
Յոբ 42։3-5։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ Աստուած տեսնենք ինչպէս որ Յոբ տեսաւ (դ15 10/15 էջ 7-8 պարբ. 16-17)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ո՞ր կէտերը կրնամ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Յոբ 41։1-26 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Այս ամսուան ներկայացումները պատրաստէ (15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Դիտել տուր բոլոր ներկայացումի նմոյշներուն տեսաերիզները, եւ ապա ուշագրաւ մասերը քննարկէ։ Հակիրճ կերպով ակնարկէ «JW Library–ն գործածելու կերպեր» նիւթին, երբ կը խօսիս սարքերու գործածութեան մասին։ Ներկաներուն յիշեցուր որ ամէն ամիս տեղեկագրեն, թէ քանի՛ անգամ տեսաերիզ ցոյց տուին ծառայութեան մէջ։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ անձնական ներկայացում մը պատրաստեն։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«JW Library–ն կը գործածե՞ս» (15 վրկ.)։ Առաջին 5 վայրկեանը յօդուածը քննարկէ։ Ապա դիտել տուր եւ հակիրճ կերպով քննարկէ Սկսէ JW Library–ն գործածել տեսաերիզը։ Յետոյ նոյնը ըրէ Բեռնէ եւ կարգի դիր հրատարակութիւններ եւ Տեսքն ու ձեւաչափը յարմարցուր նախընտրութիւններուդ տեսաերիզներուն։ Քաջալերէ, որ անոնք՝ որոնք կրնան, թող իրենց սարքին մէջ JW Library app–ը եւ հրատարակութիւններ բեռնեն՝ նախքան որ մայիս 16–ով սկսող շաբաթուան ընթացքին քննարկուի «JW Library–ն գործածելու կերպեր» յօդուածը։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.)։ Ընդօրինակենք գլ. 14 պարբ. 14-22 եւ վերաքաղի հարցումները։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 77 եւ աղօթք