Եհովայի հետ խաղաղութիւն ունենալը կը պահանջէ որ իր Որդին՝ Յիսուսը պատուենք
Եհովային եւ իր Որդիին դէմ թշնամութիւնը մարգարէացուած էր
-
Մարգարէացուած էր որ ազգերը Յիսուսի հեղինակութիւնը պիտի չընդունին, հապա իրենց հեղինակութիւնը ամուր պիտի բռնեն
-
Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ երբ Յիսուս երկրի վրայ էր. այսօր անիկա աւելի մեծ կատարում ունի
-
Սաղմոսերգուն կ’ըսէ թէ ազգերը պարապ բան կը մտածեն։ Ան ըսել կ’ուզէ թէ անոնց նպատակը անիմաստ է եւ ձախողութեան դատապարտուած է
Միայն անոնք՝ որոնք կը պատուեն Եհովայի օծեալ Թագաւորը կեանք ձեռք պիտի ձգեն
-
Մեսիական Թագաւորին հակառակողները պիտի կործանին
-
Որդին՝ Յիսուսը պատուելով, մարդիկ կրնան ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն գտնել