Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զաւակներուդ օգնէ որ Քրիստոսին հետեւին

Զաւակներուդ օգնէ որ Քրիստոսին հետեւին

Քրիստոնեայ ծնողները ամէնէն շատ ուրախ կ’ըլլան, երբ կը տեսնեն որ իրենց զաւակները ‘իրենց անձը կ’ուրանան եւ իրենց խաչը կը վերցնեն ու շարունակ Յիսուսին ետեւէն կ’երթան’ (Մար. 8։34. Գ. Յովհ. 4)։ Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել, որ իրենց զաւակները պատրաստեն որ Յիսուսին հետեւին, իրենց կեանքը Եհովային նուիրեն եւ մկրտուին։ Ի՞նչ բաներ ցոյց կու տան որ ձեր զաւակները պատրաստ են մկրտուելու կարեւոր քայլը առնելու։

Կարդա՛ ‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք’ գրքոյկին «Պատգամ՝ քրիստոնեայ ծնողներուն» մասը էջ 4–ի վրայ (տե՛ս jw.org կայքին վրայ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ բաժինը), եւ յետոյ նկատի առ այս հարցումները։

  1. Ի՞նչ ըսել է աշակերտ։

  2. Ծնողներ ի՞նչ պէտք է սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։

  3. Մկրտութեան որակեալ դառնալու համար, պզտիկները ինչպէ՞ս պէտք է որ այս համարները գործադրեն իրենց տարիքին համաձայն.