Հաւատք զօրացնող տեսիլք
Երեւակայէ թէ Յիսուս ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ լսեց որ իր երկնաւոր Հայրը այլակերպութեան ատեն կը յայտարարէ, թէ իրեն կը հաճի։ Անկասկած ասիկա Յիսուսը զօրացուց, որ գալիք չարչարանքին դիմանայ։ Այս տեսիլքը նաեւ շատ տպաւորեց Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը։ Յիսուս իրապէս Մեսիան էր եւ անոնք իրեն մտիկ ընելով ճիշդ կ’ընէին։ Մօտ 32 տարի ետք, Պետրոս դեռ կը յիշէր այս փորձառութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս ատիկա իր հաւատքը զօրացուցած էր «մարգարէական խօսք»ին հանդէպ (Բ. Պետ. 1։16-19)։
Ճիշդ է որ մենք անձամբ չտեսանք այս տպաւորիչ տեսիլքը, բայց կը վկայենք որ անիկա կատարուած է։ Հիմա Յիսուս կ’իշխէ որպէս զօրաւոր Թագաւոր։ Եւ շուտով ան ‘մինչեւ վերջ յաղթելու’ պիտի երթայ. այսպիսով ճամբան պիտի բանայ արդար նոր աշխարհի (Յայտ. 6։2)։
Աստուածաշնչական մարգարէութիւններու կատարումը տեսնելով հաւատքդ ինչպէ՞ս զօրացած է։