Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Աստուծոյ Խօսքը գործածէ

Աստուծոյ Խօսքը գործածէ

Աստուծոյ Խօսքը զօրաւոր է (Եբ. 4։12)։ Ատիկա նոյնիսկ կրնայ այն անհատներուն սրտին դպնալ, որոնք Աստուած չեն ճանչնար (Ա. Թես. 1։9. 2։13)։ Մենք շատ կ’ուրախանանք, երբ մէկը կը սկսի գնահատել Աստուածաշունչի ճշմարտութիւն մը որ իրեն ցուցուցինք։

ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՑՑՈՒՆ ԸՐԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Նիդան ինչպէ՞ս Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը ցցուն ըրաւ, երբ համար մը պիտի բանար։

  • Նիդան ինչպէ՞ս Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը ցցուն ըրաւ, երբ խնդրեց որ համարը բարձրաձայն կարդացուի եւ երբ ատոր գլխաւոր կէտը աչքառու դարձուց։

  • Ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ որ համարը Ճէյտին սրտին դպաւ, եւ քու կարծիքովդ ասիկա ինչպէ՞ս ազդեց Նիդային։