Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ

Ինչ որ Մովաբի դաշտերուն մէջ իսրայէլացիներուն հետ պատահեցաւ՝ քրիստոնեաներուն դաս մը կրնայ սորվեցնել (Ա. Կոր. 10։6, 8, 11)։ Այն իսրայէլացիները, որոնք սկսան ընկերակցիլ Մովաբի անբարոյ եւ կռապաշտ կիներուն հետ, մղուեցան լուրջ մեղք գործելու։ Ասիկա շատ գէշ հետեւանքներ ունեցաւ (Թւ. 25։9)։ Մենք ունինք շատ մը գործակիցներ, դասընկերներ, դրացիներ, ազգականներ եւ ծանօթներ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Այս պատմութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ այսպիսի անհատներու հետ ընկերակցելու վտանգներուն մասին։

ԴԻՏԷ ԱԶԴԱՐԱՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ՝ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ. ՀԱՏՈՒԱԾ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Զամբրին եւ ուրիշներ ի՞նչ սխալ միտքեր ըսին Յամինին։

  • Փենէհէս ինչպէ՞ս օգնեց Յամինին, որ ճիշդ աչքով դիտէ հարցերը։

  • Ի՞նչ է տարբերութիւնը Եհովան չպաշտող մէկու մը հետ ընկերային ըլլալուն եւ անոր ընկերը ըլլալուն միջեւ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է նոյնիսկ ժողովքին մէջ ուշադրութեամբ ընտրենք մեր մտերիմ բարեկամները։

  • Ինչո՞ւ ընկերային ցանցերու վրայ պէտք չէ խօսինք խումբ մը մարդոց հետ, որ անձամբ չենք ճանչնար։