ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Ժառանգութիւնդ ես եմ»
Եհովան քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն ծառայութեան անգին առանձնաշնորհում մը տուաւ (Թւ. 18։6, 7)
Ղեւիի ցեղը հողաբաժին չստացաւ, հապա՝ Եհովա՛ն էր իր ժառանգութիւնը (Թւ. 18։20, 24. դ11 9/1 17 ¶9)
Իսրայէլացիները իրենց բերքին տասը առ հարիւրը կը նուիրէին, որպէսզի թիկունք կանգնէին ղեւտացիներուն եւ քահանաներուն (Թւ. 18։21, 26, 27. դ11 9/1 12 ¶4)
Եհովան քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն խոստացաւ, որ իրենց հիմնական նիւթական պէտքերը պիտի հոգայ։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ ալ պիտի հոգայ, եթէ զոհողութիւններ ընենք իրեն ծառայելու համար։