Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Հարցումներ հարցուր

Հարցումներ հարցուր

Եհովան ուրախ Աստուած է եւ կ’ուզէ որ մենք հաճոյք առնենք ծառայութենէն (Ա. Տիմ. 1։11)։ Մեր ուրախութիւնը կ’աւելնայ, երբ կը ջանանք աւելի լաւ քարոզիչներ դառնալ։ Հարցումներ հարցնելը կ’օգնէ, որ դիմացինին հետ նիւթ բանանք եւ անոր հետաքրքրութիւնը արթնցնենք։ Հարցումները մարդիկը կը քաջալերեն, որ մտածեն եւ տրամաբանեն (Մատ. 22։41-45)։ Երբ մէկու մը հարցում կը հարցնենք եւ ետքը իրեն մտիկ կ’ընենք, կարծես թէ անոր կ’ըսենք. ‘Դուն ինծի համար կարեւոր ես’ (Յակ. 1։19)։ Անհատին պատասխանները կրնան մեզի օգնել, որ գիտնանք խօսակցութիւնը ինչպէ՛ս շարունակել։

ԴԻՏԷ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄՏԵՍԵՑԷՔ. ՁԵՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՑԷՔ. ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՀԱՐՑՈՒՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ճէյտը ի՞նչ լաւ յատկութիւններ ցոյց տուաւ։

  • Նիդան ի՞նչ հարցումներ հարցնելով ցոյց տուաւ, որ դիմացի անհատով հետաքրքրուած է։

  • Նիդան ի՞նչ հարցումներ հարցնելով Ճէյտին հետաքրքրութիւնը աւելցուց բարի լուրին հանդէպ։

  • Նիդան ի՞նչ հարցումներ հարցնելով Ճէյտին օգնեց որ մտածէ եւ տրամաբանէ։