ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Բոլոր դժուարութիւնները օր մը պիտի վերջանան
Նեղութիւնները կրնան մեզ յուսահատեցնել, մանաւանդ երբ երկարին։ Դաւիթ գիտէր որ Սաւուղէն քաշած իր նեղութիւնը վերջ պիտի գտնէր եւ ի վերջոյ թագաւոր պիտի ըլլար, ինչպէս որ Եհովան խոստացած էր (Ա. Թագ. 16։13)։ Դաւիթին հաւատքը իրեն օգնեց որ համբերէ եւ Եհովային սպասէ։
Երբ նեղութիւն ունենանք, կրնանք մեր ճարպիկութիւնը, գիտութիւնը կամ մտածելու կարողութիւնը գործածել որ մեր խնդիրը լուծենք (Ա. Թագ. 21։12-14. Առ. 1։4)։ Բայց կան դժուարութիւններ որոնք չեն լուծուիր, նոյնիսկ եթէ մեր ձեռքէն եկածը ընենք եւ Եհովային կամքին հակառակ բան մը չընենք։ Այսպիսի պարագաներու պէտք է համբերենք եւ Եհովային սպասենք։ Մօտ ատենէն ան մեր ցաւերուն վերջ պիտի դնէ եւ մեր աչքերէն «բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» (Յայտ. 21։4)։ Մեր բոլոր նեղութիւնները պիտի վերջանան. կա՛մ Եհովան զանոնք ուղղակի պիտի վերջացնէ, կամ ալ ուրիշ պատճառով մը պիտի վերջանան։ Ասիկա մեզ շատ կը հանգչեցնէ։
ԴԻՏԷ ՄԻԱՑԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ՝ ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Միացեալ Նահանգներուն հարաւը գտնուող կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ դժուարութիւններ ունէին։
-
Անոնք ինչպէ՞ս համբերեցին եւ սէր ցուցուցին իրարու հանդէպ։
-
Անոնք ինչպէ՞ս շարունակեցին աւելի կարեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալ (Փլպ. 1։10)։