ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ
Աշակերտներուդ օգնէ որ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան Եհովային հետ
Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ծառայենք քանի՛ որ զինք կը սիրենք (Մատ. 22։37, 38)։ Սէրն է որ պիտի օգնէ Աստուածաշունչի աշակերտներուն որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընեն եւ փորձութիւններու մէջ հաւատարիմ մնան (Ա. Յովհ. 5։3)։ Սէրն է որ պիտի ձգէ որ անոնք մկրտուին։
Աշակերտներուդ օգնէ որ տեսնեն, թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ։ Անոնց այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Ասիկա քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին’ կամ ‘Ասիկա ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ Աստուած քեզ կը սիրէ’։ Անոնց օգնէ որ տեսնեն, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց կ’օգնէ (Բ. Մն. 16։9)։ Անոնց պատմէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս մանրամասնօրէն պատասխանած է քու աղօթքներուդ եւ զանոնք քաջալերէ, որ նային թէ Եհովան ինչպէս իրե՛նց աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Մենք շատ կ’ուրախանանք երբ մեր աշակերտները կը զգան, որ Եհովան զիրենք կը սիրէ, եւ իրենք ալ կը ցուցնեն որ զինք կը սիրեն եւ կ’ուզեն իրեն մօտիկ ըլլալ։
ԴԻՏԷ ՁԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Ճէյտ ի՞նչ դժուարութիւն ունէր։
-
Նիդան ինչպէ՞ս օգնեց Ճէյտին։
-
Ճէյտը ինչպէ՞ս գլուխ ելաւ իր դժուարութեան հետ։