Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Ինթըրնէթ»ին վրայի ընկերներդ ո՞վ են

«Ինթըրնէթ»ին վրայի ընկերներդ ո՞վ են

Կ’ըսուի որ ընկերը այն անձն է որուն կապուած ես, արժէք կու տաս եւ զայն կը սիրես։ Օրինակ՝ երբ Դաւիթ Գողիաթը մեռցուց, Յովնաթանը եւ Դաւիթը շատ զօրաւոր բարեկամութիւն մը սկսան զարգացնել (Ա. Թագ. 18։1)։ Անոնց ամէն մէկը ունէր յատկութիւններ որ զիրենք իրարու կը սիրցնէր։ Ուրեմն, մէկու մը հետ զօրաւոր բարեկամութիւն մը ունենալու համար պէտք է իրար լաւ ճանչնանք։ Ասիկա ընդհանրապէս ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կ’ուզէ։ Բայց անդին, ընկերային ցանցերու վրայ մարդիկ կրնան մէկ կոճակ կոխելով «ընկեր» ըլլալ մէկու մը հետ։ Մարդիկ ինթըրնէթ–ին վրայ կրնան իրենց ուզածը ըսել եւ իրենց ուզած տպաւորութիւնը տալ մարդոց։ Ասանկով անոնք դիւրութեամբ կրնան ուրիշները խաբել։ Ասոր համար կարեւոր է որ քանի մը կէտեր մեր միտքը պահենք։ Օրինակ՝ եթէ քեզի ծանօթ չեղող անհատ մը ուզէ ինթըրնէթ–ին վրայ ընկերդ ըլլալ, մի՛ վախնար զինք մերժելու, մտածելով որ անոր զգացումները պիտի վիրաւորուին։ Ոմանք բնա՛ւ չեն գործածեր ընկերային ցանցերը, որպէսզի ատոր վտանգներէն հեռու մնան։ Իսկ եթէ դուն ընկերային ցանց մը կը գործածես, ի՞նչ բաներ պէտք է միտքդ պահես։

ԴԻՏԷ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԷ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Ի՞նչ բաներու մասին պէտք է մտածես, առաջ որ բան մը գրես կամ նկար մը դնես ընկերային ցանցին վրայ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլաս որ ինթըրնէթ–ին վրայ որո՞ւ հետ ընկեր կ’ըլլաս։

  • Ինչո՞ւ պէտք է նախապէս որոշես, թէ որքա՛ն ժամանակ պիտի անցընես ընկերային ցանցի մը վրայ։