ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Կրնաս երեք կերպերով Եհովային վստահիլ
Դաւիթ կրցաւ Գողիաթին յաղթել, քանի որ Եհովային վստահեցաւ (Ա. Թագ. 17։45)։ Եհովան կ’ուզէ իր բոլո՛ր ծառաներուն օգնել (Բ. Մն. 16։9)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի՛ն վստահիլ, փոխանակ մեր փորձառութեան եւ կարողութեան վստահելու։ Տեսնենք երեք կերպեր.
-
Միշտ աղօթէ. Ոչ թէ միայն սխալ մը ընելէ ետք աղօթէ ներողութիւն խնդրելու համար, հապա նաեւ աղօթէ երբ փորձութեան առջեւ ըլլաս (Մատ. 6։12, 13)։ Ոչ թէ միայն որոշում մը առնելէ ետք աղօթէ որ Եհովան օրհնէ զայն, հապա նաեւ աղօթէ առաջ որ որոշումներ առնես՝ իմաստութիւն եւ ուղղութիւն խնդրելու համար (Յակ. 1։5)։
-
Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ սերտելու ռութին ունեցիր։ Ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդա՛ (Սաղ. 1։2)։ Խոկա՛ Սուրբ Գիրքի անձնաւորութիւններու վրայ եւ ատոնցմէ սորված դասերդ գործադրէ (Յակ. 1։23-25)։ Ծառայութեան պատրաստուէ՝ հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ընելով, փոխանակ փորձառութեանդ վստահելու։ Ժողովներուն նիւթերը նախապէս պատրաստէ, որպէսզի ժողովներէն լաւ օգտուիս։
-
Եհովային կազմակերպութեան հետ համագործակցէ։ Լաւ գիտցիր թէ կազմակերպութեան վերջին ուղղութիւնները ի՛նչ են, եւ շուտով ատոնց հետեւէ (Թւ. 9։17)։ Երէցներուն մտիկ ըրէ, երբ խրատ եւ ուղղութիւն տան (Եբ. 13։17)։
ԴԻՏԷ ՀԱԼԱԾԱՆՔԷՆ ՎԱԽՆԱԼՈՒ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
• Եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ վախեր ունեցան։
• Ինչը՞ անոնց օգնեց որ իրենց վախերուն հետ գլուխ ելլեն։