Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ | ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

Աշակերտներուդ օգնէ որ անմաքուր սովորութիւններէ ձերբազատուին

Աշակերտներուդ օգնէ որ անմաքուր սովորութիւններէ ձերբազատուին

Միայն բարոյապէս մաքուր եղողները կրնան Եհովային մտերիմ ըլլալ (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտները իրենց սխալ սովորութիւնները փոխեն, իրենց ընտանեկան կեանքը, առողջութիւնը եւ դրամական վիճակը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։

Աշակերտիդ յստակօրէն բացատրէ որ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ ապրինք, ինչո՛ւ այդպէս կ’ուզէ եւ թէ ի՛նչ օգուտներ կը քաղենք, եթէ Եհովային ուզած կերպով ապրինք։ Ջանք ըրէ որ աշակերտդ իր մտածելակերպը փոխէ, քանի որ ասիկա իրեն պիտի օգնէ որ Եհովային ուզածը ընէ (Եփ. 4։22-24)։ Աշակերտդ վստահեցուր որ Եհովային օգնութեամբ կրնայ կեցնել սխալ սովորութիւն մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր ունի (Փլպ. 4։13)։ Անոր սորվեցուր որ սրտանց Եհովային աղօթէ, երբ մեղք գործելու ցանկութիւն ունենայ։ Անոր օգնէ որ մտածէ, թէ ի՛նչ փորձութիւններու առջեւ կրնայ գտնուիլ եւ ինչպէ՛ս կրնայ ատոնց տեղի չտալ։ Աշակերտդ քաջալերէ որ սխալ սովորութիւններու տեղ օգտակար բաներ ընէ։ Մենք շատ կ’ուրախանանք երբ կը տեսնենք որ մեր աշակերտները Եհովային օգնութեամբ փոփոխութիւններ կ’ընեն։

ԴԻՏԷ ՁԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ԱՆՄԱՔՈՒՐ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Երէցները եւ Նիդան ինչպէ՞ս հակազդեցին, երբ գիտցան թէ Ճէյտ սխալ սովորութիւն մը ունէր։

  • Նիդան ինչպէ՞ս օգնեց Ճէյտին։

  • Ճէյտը ինչպէ՞ս Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։