ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչը ամէն օր կարդա՛ եւ իմաստութիւն փնտռէ՛
Աստուծոյ կողմէ իմաստութիւնը պահուած գանձի պէս արժէքաւոր է (Առ. 2։1-6)։ Իմաստութիւնը մեզի կ’օգնէ որ լաւ դատողութիւն ունենանք եւ լաւ որոշումներ առնենք։ Ատիկա մեզ կը պաշտպանէ։ Անոր համար, ատիկա «ամէն բանին գլուխն» է, այսինքն՝ ամէնէն կարեւոր բանն է (Առ. 4։5-7)։ Պէտք է ջանք թափենք որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ պահուած հոգեւոր գանձերը գտնենք։ Ասիկա կ’ընենք, երբ սկսինք Աստուծոյ Խօսքը կարդալ «գիշեր ցորեկ», այսինքն՝ ամէն օր (Յես. 1։8)։ Տե՛ս կարգ մը առաջարկներ, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար եւ հաճոյքով կարդանք։
ԴԻՏԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՍԻՐԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Ի՞նչ բաներ դժուար դարձուցին, որ այս երիտասարդները Աստուածաշունչը ամէն օր կարդան, եւ ի՞նչը իրենց օգնեց։
-
Մէլանի
-
Սամուէլ
-
Սէլին
-
Ռաֆայէլլօ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐՍ.