ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ինչպէ՞ս գործածել Աստուածաշունչի սերտողութեան վերաբերեալ վիտէօները
Աստուածաշունչի սերտողութեան վերաբերեալ չորս վիտէօներ ունինք, որոնք կը գործածենք ծառայութեան մէջ։ Ամէն մէկ վիտէոյին նպատակը ի՞նչ է։
-
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել (երկար տարբերակ) վիտէոն պատրաստուած էր անհատի մը հետաքրքրութիւնը արթնցնելու Աստուածաշունչին նկատմամբ, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոր հաւատալիքները։ Ատիկա անհատը կը քաջալերէ, որ կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները Աստուածաշունչին մէջ փնտռէ, եւ օրինակ կու տայ թէ հոն ի՛նչ տրամաբանական տեղեկութիւններ կը գտնուին եւ թէ ինչպէ՛ս մէկը կրնայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրել։
-
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել (կարճ տարբերակ) վիտէոն երկար տարբերակին մէկ երրորդն է։ Ատիկա աւելի գործնական է թաղամասերու մէջ, ուր մարդիկ խօսելու շատ ժամանակ չունին։
-
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն պատրաստուած էր անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու Աստուածաշունչի մեր ձրի ուսումնասիրութեան յայտագիրին նկատմամբ: Ատիկա նաեւ կը պատասխանէ կարգ մը հարցումներու, որոնք թերեւս մարդիկ հարցնեն. օրինակ, թէ ինչպէ՛ս մէկը կրնայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրել։
-
Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն պատրաստուած էր, որ ցոյց տրուի Աստուածաշունչը սերտել փափաքողներուն։ Հակառակ որ այս վիտէոն կ’երեւի Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին երկրորդ էջին վրայ, ատիկա կարելի է աշակերտներուն ցոյց տալ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը նկատի առած ժամանակ։ Վիտէոն գիրքին բովանդակութիւնը աչքառու կը դարձնէ եւ աշակերտին կ’օգնէ տեսնելու, թէ ի՛նչ կրնայ ակնկալել դասերուն քննարկութեան ժամանակ։
Ճիշդ է որ ամէն մէկ վիտէօ որոշ նպատակ ունի, բայց ատոնցմէ որեւէ մէկը կրնանք մարդոց ցոյց տալ կամ ղրկել, որեւէ ժամանակ որ յարմար տեսնենք։ Բոլոր հրատարակիչներուն քաջալերութիւն կը տրուի, որ այս վիտէօներուն բովանդակութենէն տեղեկանան եւ ատոնք գործածեն ծառայութեան մէջ։