Ապրիլ 29–մայիս 5
ՍԱՂՄՈՍ 34-35
Երգ 9 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Միշտ Եհովան փառաբանէ
(10 վրկ.)
Դաւիթը Եհովան փառաբանեց, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնէր (Սաղ. 34։1. դ07 3/1 24 ¶11)
Դաւիթը հպարտ էր Եհովայով, եւ ոչ թէ ինքն իր անձով (Սաղ. 34։2-4. դ07 3/1 24 ¶13)
Դաւիթի փառաբանութեան խօսքերը իր ընկերակիցներուն զօրութիւն տուին (Սաղ. 34։5. դ07 3/1 25 ¶15)
Աբիմելէքին ձեռքէն ազատելէ ետք, անապատին մէջ Դաւիթին միացան 400 տղամարդիկ, որոնք Սաւուղի իշխանութենէն դժգոհ էին (Ա. Թագ. 22։1, 2)։ Դաւիթ թերեւս այս տեսակ մարդիկ իր միտքը ունէր, երբ իր սաղմոսը գրեց (Սաղ. 34, վերնագիր)։
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑՈՒՐ. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովան փառաբանել, երբ յաջորդ ժողովին մէկու մը հետ խօսիմ’։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Սաղ. 35։19. Ի՞նչ կը նշանակէ Դաւիթի խնդրանքը որ զինք ատողները «աչքով նշան թող չընեն» (դ06 6/1 12 ¶2)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Սաղ. 34։1-22 (կս դաս 5)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Խօսակցութիւնը կը վերջանայ, առաջ որ հասնիս վկայութիւն տալու (մսա դաս 1 կէտ 4)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ (մսա դաս 2 կէտ 4)։
6. Հաւատալիքներդ բացատրել
Երգ 104
7. Ժողովներուն ընթացքին Եհովան փառաբանելու երեք կերպեր
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Ժողովներուն ընթացքին, շատ աղուոր առիթ ունինք Եհովան փառաբանելու։ Նկատի առնենք փառաբանելու երեք կերպեր։
Խօսակցութիւններ. Երբ ուրիշներուն հետ կը խօսիս, խօսէ Եհովայի բարութեան մասին (Սաղ. 145։1, 7)։ Արդեօք լսեցի՞ր կամ կարդացի՞ր կէտ մը, որ օգտակար գտար։ Ծառայութեան մէջ աղուոր փորձառութիւն մը ունեցա՞ր։ Մէկը իր ըսածովը կամ ըրածովը քեզ քաջալերե՞ց։ Ստեղծագործութեան մէջ տեսա՞ր բան մը, որ քեզ տպաւորեց։ Ասոնք բոլորը Եհովային կողմէ նուէրներ են (Յակ. 1։17)։ Քանի մը վայրկեան կանուխ հասիր, որ ժամանակ ունենաս ատոնց մասին ուրիշներուն հետ խօսելու։
Պատասխաններ. Ջանք ըրէ որ ամէն մէկ ժողովին գոնէ մէկ պատասխան տաս (Սաղ. 26։12)։ Կրնաս ուղղակի պատասխանել հարցումին կամ պատասխան տալ երկրորդական կէտի, համարի, կամ նկարի մասին, կամ ալ կէտ մը ինչպէ՛ս մեր կեանքին մէջ գործադրելուն մասին։ Քանի՛ որ նոյն ատեն ուրիշներ ալ իրենց ձեռքը պիտի բարձրացնեն, քանի մը պատասխաններ պատրաստէ։ Եթէ մեր պատասխանը 30 երկվայրկեան կամ անկէ պակաս ըլլայ, աւելի շատեր պիտի կարենան ‘Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանել’ (Եբ. 13։15)։
Երգեր. Թագաւորութեան երգերը խանդավառութեամբ երգէ (Սաղ. 147։1)։ Թերեւս քեզի առիթ չտրուի ամէն ժողովի պատասխան տալու, մանաւանդ եթէ ժողովքդ մեծ է, բայց միշտ կրնաս երգեցողութեան մասնակցիլ։ Նոյնիսկ եթէ կը զգաս որ լաւ չես երգեր, ատոր մէջ ջանք թափէ եւ Եհովան շա՜տ պիտի ուրախանայ (Բ. Կոր. 8։12)։ Կրնաս տունը երգերը փորձ ընել։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Մեր պատմութիւնը՝ անցեալէն ներկայ. Մեր երգերը նուէր են (մաս 1)։ Ետքը, ներկաներուն հարցուր.
Մեր կազմակերպութեան սկիզբի օրերուն, ինչպէ՞ս ցոյց տուինք որ երգով Եհովան փառաբանելը կարեւոր է։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) եպվ-ԱՐ դաս 9 ¶1-9 եւ դասին վիտէոն։