Ապրիլ 28–Մայիս 4
ԱՌԱԿԱՑ 11
Երգ 121 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)
1. Մի՛ ըսեր
(10 վրկ.)
Մի՛ ըսեր բան մը, որ կրնայ վիրաւորել «դրացի»դ (Առ. 11։9. դ02-ԱՐ 5/15 26 ¶4)
Մի՛ ըսեր բան մը, որ կրնայ բաժանումներ պատճառել (Առ. 11։11. դ02-ԱՐ 5/15 27 ¶2-3)
Գաղտնի հարց մը մի՛ յայտներ (Առ. 11։12, 13. դ02-ԱՐ 5/15 27 ¶5)
ԽՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. Ղուկաս 6։45–ին մէջ Յիսուսին ըսածը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ վիրաւորական խօսքեր չըսենք։
2. Հոգեւոր գոհարներ
(10 վրկ.)
-
Առ. 11։17. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ ողորմած կամ ազնիւ ըլլանք (զ20.1 11, տուփիկ)։
-
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։
3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն
(4 վրկ.) Առ. 11։1-20 (կս դաս 5)
4. Խօսակցութիւն սկսիլ
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Կերպ մը գտիր անձին ըսելու բան մը, որ վերջերս ժողովին սորվեցար (մսա դաս 2 կէտ 4)։
5. Վերայցելել
(4 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն վիտէօ մը ցոյց տուր (մսա դաս 8 կէտ 3)։
6. Աշակերտել
(4 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Աստուածաշունչի սերտողութիւն առաջարկէ եւ ցոյց տուր թէ ատիկա ինչպէ՛ս կ’ըլլայ (մսա դաս 10 կէտ 3)։
Երգ 157
7. Մի՛ ձգեր որ լեզուդ խաղաղութիւնը կործանէ
(15 վրկ.) Քննարկութիւն։
Քանի՛ որ անկատար ենք, սխալ բաներ պիտի ըսենք (Յակ. 3։8)։ Բայց եթէ գիտնանք թէ ի՛նչ տեսակ խօսակցութիւններ սխալ են, զգոյշ պիտի ըլլանք որ չըսենք բաներ, որոնց համար ետքը պիտի զղջանք։ Նկատի առ կարգ մը խօսակցական կերպեր կամ ոճեր, որոնք կրնան ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։
-
Անպատշաճ ինքնագովութիւն։ Այս ոճով խօսողը ինքզինք կը գովէ եւ մրցակցութեան ու նախանձի դուռ կը բանայ (Առ. 27։2)։
-
Անպարկեշտ խօսակցութիւն։ Այս ոճով խօսողը ոչ միայն կը ստէ, հապա նաեւ այնպէս մը կը խօսի, որ դիմացինը դիտմամբ մոլորեցնէ։ Նոյնիսկ երբ մէկը քիչ մը անպարկեշտ է, մարդիկ ա՛լ իրեն չեն վստահիր եւ իր համբաւը կը կործանի (Ժող. 10։1)։
-
Բամբասանք։ Այս ոճով խօսողը անտեղի նիւթեր կը բանայ մարդոց եւ անոնց կեանքին մասին, որոնք ճիշդ չեն կամ անձնական եւ գաղտնի հարցեր կը յայտնեն (Ա. Տիմ. 5։13)։ Ասիկա կրնայ վէճերու դուռ բանալ եւ բաժանումներ պատճառել։
-
Բարկացած ոճով խօսակցութիւն։ Այս ոճով խօսողը անզուսպ կերպով իր զգացումները կը պարպէ զինք նեղացնողին վրայ (Եփ. 4։26)։ Ատիկա շատ վնասակար է (Առ. 29։22)։
Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Ձերբազատուեցէք խաղաղութիւնը քանդող յատկութիւններէ. հատուած։ Ետքը, հարցուր.
-
Ինչպէ՞ս մեր խօսակցութիւնը կրնայ դիւրաւ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։
Տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս ժողովքին մէջ ետ խաղաղ պայմաններ տիրեցին, դիտէ ‘Խաղաղութիւն փնտռեցէք եւ անոր ետեւէն եղէք’ վիտէոն։
8. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
(30 վրկ.) աբ դաս 7 ¶1-5։