Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը կը տօնուի Գերմանիոյ մէջ

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ. ԺՈՂՈՎԻ ՏԵՏՐ Մարտ 2016

Ներկայացումի նմոյշներ

Գաղափարներ Դիտարան պարբերաթերթը եւ 2016–⁠ի Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ներկայացնելու։ Կրնաս նաեւ անձնական ներկայացումդ պատրաստել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց Եհովային եւ Անոր ժողովուրդին համար

Ան քաջաբար իր կեանքը վտանգեց եւ Մուրթքէին օգնեց որ օրէնք մը սահմանէ հրեաները բնաջնջումէ պաշտպանելու համար (Եսթեր 6-10)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Ծառայութեանդ մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Պարբերաթերթի անձնական ներկայացում պատրաստել

Գաղափարները գործածէ անձնական ներկայացումներ պատրաստելու Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն համար։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Մեր հիւրերուն բարի գալուստ մաղթենք

Ի՞նչ կրնանք ընել որ մեր հիւրերը եւ անգործունեաները զգան թէ Յիշատակատօնին բարի եկած են։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Յոբ փորձութեան տակ ուղղամիտ մնաց

Ան ցոյց տուաւ որ Եհովան ամէնէն կարեւոր անձն էր իր կեանքին մէջ (Յոբ 1-5)։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Հաւատարիմ Յոբ իր նեղութիւնը կ’արտայայտէ

Չափազանց վիշտն ու յուսահատութիւնը ազդեցին Յոբին հայեցակէտին վրայ, բայց Եհովային հանդէպ իր սէրը բնաւ չխախտեցաւ (Յոբ 6-10)։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

Յոբ յարութեան կը հաւատար

Ան գիտէր թէ Եհովան իրեն ետ կեանքի պիտի բերէր ճիշդ ինչպէս որ ծառի կոճղ մը իր արմատներէն դարձեալ կը ծլի (Յոբ 11-15)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Յարութիւնը կարելի է փրկանքին միջոցաւ

Եհովայի փրկանքի նուէրը ապագայի յարութիւնը կարելի կը դարձնէ։ Մեր սիրելիներուն համար սգալու փոխարէն, անոնց բարի գալուստ պիտի մաղթենք։