Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈԲ 1-5

Յոբ փորձութեան տակ ուղղամիտ մնաց

Յոբ փորձութեան տակ ուղղամիտ մնաց

Յոբ կ’ապրէր Հուսի մէջ, այն ժամանակ երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ ստրուկ էին։ Իսրայէլացի չըլլալով հանդերձ, Յոբ Եհովայի հաւատարիմ մէկ երկրպագուն էր։ Ան ունէր մեծ ընտանիք եւ հարստութիւն եւ իր շրջանակին մէջ ազդեցութիւն։ Ան մեծապէս յարգուած խրատատու եւ անաչառ դատաւոր մըն էր։ Ան աղքատներուն եւ կարօտեալներուն հանդէպ առատաձեռն էր։ Յոբ ուղղամիտ մարդ մըն էր։

Յոբ յստակօրէն ցոյց տուաւ որ Եհովան ամէնէն կարեւոր անձն էր իր կեանքին մէջ

1։8-11, 22. 2։2-5

  • Սատանան Յոբի ուղղամտութիւնը նկատեց։ Ան չուրացաւ որ Յոբ Եհովայի հնազանդ էր, այլ անոր շարժառիթները հարցականի տակ առաւ

  • Սատանան դաւանեցաւ որ Յոբ իր անձնասէր շահերը փնտռելով Եհովային կը ծառայէր

  • Սատանայի ամբաստանութեան պատասխան տալու համար, Եհովան թոյլ տուաւ որ ան այդ հաւատարիմ տղամարդուն վրայ յարձակի։ Սատանան ամէն կողմանէ հարուածեց Յոբը

  • Երբ Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահեց, Սատանան բոլոր մարդոց ուղղամտութիւնը հարցականի տակ առաւ

  • Յոբ մեղք չգործեց կամ Աստուած չմեղադրեց