Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈԲ 6-10

Հաւատարիմ Յոբ իր նեղութիւնը կ’արտայայտէ

Հաւատարիմ Յոբ իր նեղութիւնը կ’արտայայտէ

Անօգնական, սգաւոր եւ ծանրօրէն հիւանդ ըլլալով հանդերձ Յոբ հաւատարիմ մնաց։ Ուստի իր ուղղամտութիւնը բեկանելու համար Սատանան փորձեց զինք յուսահատեցնել։ Երեք «ընկերներ» իր քով հասան։ Սկիզբը անոնք կարեկցութիւն ցոյց տուին։ Ապա 7 օր Յոբին քով լուռումունջ նստան, նոյնիսկ առանց մխիթարական խօսք մը ըսելու։ Իսկ ետքը ըսին այնպիսի խօսքեր, որոնք մեղադրանքով եւ ամբաստանութիւններով լեցուն էին։

Հակառակ խիստ ճնշումին, Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնաց

6։3. 7։16. 9։20-22. 10։1, 12

  • Խոր վիշտը պատճառ դարձաւ որ Յոբ սխալ հայեցակէտ ունենայ։ Ան սխալ կերպով եզրակացուց որ Աստուծոյ հոգը չէր թէ ինք հաւատարիմ էր կամ ոչ

  • Յուսահատութեան պատճառաւ Յոբ նկատի չառաւ որ իր տառապանքին ետին այլ պատճառներ կային

  • Վշտացած ըլլալով հանդերձ, Յոբ զինք ամբաստանողներուն խօսեցաւ Եհովային հանդէպ իր սիրոյն մասին