Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Յարութիւնը կարելի է փրկանքին միջոցաւ

Յարութիւնը կարելի է փրկանքին միջոցաւ

Յիշատակատօնը լաւ առիթ է որ խոկանք ապագայի օրհնութիւններուն վրայ, որոնք կարելի դարձան փրկանքին շնորհիւ, ինչպէս՝ յարութիւնը։ Եհովան բնաւ չմտադրեց որ մարդիկ մեռնին։ Անոր համար է որ մենք շատ կը ցաւինք երբ սիրելի մը մահանայ (Ա. Կոր. 15։26)։ Յիսուս ցաւեցաւ տեսնելով որ իր աշակերտները Ղազարոսին կորուստին վրայ կը սգան (Յովհ. 11։33-35)։ Քանի որ Յիսուս կատարելապէս իր հայրը կ’արտացոլէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ալ կը ցաւի երբ կը տեսնէ որ մեր սիրելիներուն կորուստին վրայ կը սգանք (Յովհ. 14։7)։ Եհովան անհամբեր կը սպասէ այն ժամանակը երբ իր ծառաները պիտի յարուցանէ, մենք ալ նոյն կեցուածքը պէտք է ունենանք (Յոբ 14։14, 15

Քանի՛ որ Եհովան կարգապահ է, տրամաբանական է հաւատալ թէ յարութիւնը կարգապահութեամբ պիտի ընթանայ (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Թաղումներու փոխարէն թերեւս յարութիւն առնողներուն բարի գալուստ մաղթելու նիստեր ըլլան։ Յարութեան վրայ կը խոկա՞ս, մանաւանդ սուգի ժամանակ (Բ. Կոր. 4։17, 18)։ Եհովային շնորհակա՞լ ես որ փրկանքը հայթայթած է եւ Աստուածաշունչին մէջ յայտնած է որ մեռելները դարձեալ պիտի ապրին (Կող. 3։15

  • Ո՞ր բարեկամներդ եւ ազգականներդ մասնաւորաբար կ’ուզես դարձեալ տեսնել։

  • Աստուածաշունչի ո՞ր անձնաւորութիւնները մասնաւորաբար կ’ուզես տեսնել եւ անոնց հետ խօսակցիլ։