Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՍԹԵՐ 6-10

Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց Եհովային եւ Անոր ժողովուրդին համար

Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց Եհովային եւ Անոր ժողովուրդին համար

Եսթեր Եհովան եւ Անոր ժողովուրդը պաշտպանելու մէջ քաջ եւ անձնազոհ էր

8։3-5, 9

  • Եսթեր եւ Մուրթքէ ապահով էին։ Բայց բոլոր հրեաները սպաննելու Համանի հրամանը արդէն կը հասնէր կայսրութեան չորս կողմը

  • Եսթեր իր կեանքը անգամ մը եւս վտանգեց, առանց հրաւէրի թագաւորին առջեւ ներկայանալով։ Ան իր ժողովուրդին համար լացաւ եւ թագաւորէն խնդրեց որ սարսափելի հրամանագիրը չեղեալ սեպէր

  • Թագաւորին անունով հաստատուած օրէնքները չէին կրնար բեկանուիլ։ Ուստի թագաւորը Եսթերը եւ Մուրթքէն լիազօրեց որ նոր օրէնք մը սահմանեն

Եհովան իր ժողովուրդին մեծ յաղթանակ շնորհեց

8։10-14, 17

  • Երկրորդ յայտարարութիւն մը եղաւ, որ հրեաներուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունք կու տար

  • Սուրհանդակները կայսրութեան բոլոր կողմերը սուրացին եւ հրեաները պատերազմելու պատրաստուեցան

  • Շատեր Աստուծոյ հաճութեան ապացոյց տեսան եւ հրեայ նորահաւատներ դարձան