Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Մեր հիւրերուն բարի գալուստ մաղթենք

Մեր հիւրերուն բարի գալուստ մաղթենք

Մարտ 23–ին, կ’ակնկալուի որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին շուրջ 12 միլիոն կամ աւելի հիւրեր։ Անոնք հոյակապ վկայութիւն մը պիտի ստանան, մինչ դասախօսը կը քննարկէ փրկանքի պարգեւը եւ ապագայի օրհնութիւններէն ոմանք (Եսա. 11։6-9. 35։5, 6. 65։21-23. Յովհ. 3։16)։ Բայց միայն դասախօսը չէ որ այս մասնայատուկ առիթին վկայութիւն պիտի տայ։ Բոլորս կրնանք բաժին բերել՝ մեր հիւրերը ջերմօրէն դիմաւորելով (Հռով. 15։7)։ Նկատի առ կարգ մը առաջարկներ։

  • Փոխանակ տեղդ նստելու եւ սպասելու որ յայտագիրը սկսի, հիւրերուն եւ անգործունեաներուն բարի գալուստ մաղթէ՝ ջերմ ժպիտով եւ բարեկամական ողջոյնով։

  • Մինչ հիւրերովդ զբաղած ես, ուշադիր եղիր որ հետաքրքրուիս ուրիշներով ալ, որոնք արշաւին ընթացքին հրաւէր ստացան։ Նորեկները հրաւիրէ որ քովդ նստին։ Թոյլ տուր որ Աստուածաշունչէդ ու երգարանէդ հետեւին։

  • Դասախօսութենէն ետք, ինքզինքդ մատչելի դարձուր հարցումներու պատասխանելու։ Եթէ ժամանակը նեղ է, քանի որ միւս ժողովքը սրահը պիտի գործածէ, կարգադրութիւններ ըրէ անհատին այցելելու քանի մը օրուան մէջ։ Եթէ իր հեռաձայնի թիւը չունիս, կրնաս ըսել. «Շատ կը փափաքիմ յայտագրին մասին ձեր կարծիքը գիտնալ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ձեզի հետ կապ պահել»։