Մարտ 12-18
ՄԱՏԹԷՈՍ 22-23
Երգ 91 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Երկու մեծագոյն պատուիրաններուն հնազանդէ՛» (10 վրկ.)
Մատ. 22։36-38. Ըստ այս համարներուն, Օրէնքին մէջ առաջին ու մեծ պատուիրանին հնազանդիլը ի՞նչ կը պարփակէ (nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 22։37։ «սրտովդ», «անձովդ», «մտքովդ»)
Մատ. 22։39. Ի՞նչն է երկրորդ մեծագոյն պատուիրանը Օրէնքին մէջ (nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 22։39։ «երկրորդը», «ընկերդ»)
Մատ. 22։40. Ամբողջ Եբրայերէն Գրութիւնները սիրոյ վրայ հիմնուած են (nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 22։40։ «օրէնքը. . . մարգարէները», «կախուած են»)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Մատ. 22։21. «Զայն որ Կայսրինն է» եւ «Զայն որ Աստուծոյն է» արտայայտութիւններով ի՞նչ կը հասկնանք (nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 22։21։ «զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին», «զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ»)։
Մատ. 23։24. Յիսուսին այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ (nwtsty սերտելու նոթ՝ Մատ. 23։24։ «որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք»)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը քեզի ի՞նչ սորվեցուց Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մէջ ուրիշ ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ գտար։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Մատ. 22։1-22 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Առաջին հանդիպում (2 վրկ. կամ նուազ). Գործածէ Ծառայութեան համար առաջարկը։
Առաջին վերայցելութեան վիտէոն (5 վրկ.). Դիտել տուր եւ քննարկէ վիտէոն։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն (6 վրկ. կամ նուազ). Ի՞նչ կրնանք սորվիլ էջ 199 պարբ. 8-9։ Հրատարակիչը աշակերտին կը քաջալերէ որ ճանչուորներ հրաւիրէ Յիշատակատօնին։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Ինչպէ՞ս սիրել Աստուած եւ մեր ընկերը» (15 վրկ.). Քննարկութիւն։ Սուրբ Գիրք կարդացած ատեն մեր երեւակայութիւնը գործածելու կարեւորութիւնը շեշտելու համար, դիտել տուր Եհովան միակ ճշմարիտ Աստուածն է. Հատուած Աստուածաշունչի թատերական ընթերցանութիւնը, մինչ ներկաները Գ. Թագաւորաց 18։17-46–էն կը հետեւին։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.). Ի՞նչ կրնանք սորվիլ դաս 5 պարբ. 1-12 եւ Բացատրութիւն 15։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 148 եւ աղօթք